2015-02-06 09:59:53

"Scholas Occurrentes” կազմակերպութիւնը` ներդաշնակութեան տիպար։


Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց իր կամքով հիմնուած` "Scholas Occurrentes” կազմակերպութեան չորրորդ համաշխարհային գիտաժողովը։

(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 5 փետրուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց, իր կամքով հիմնուած` "Scholas Occurrentes” կազմակերպութեան չորրորդ համաշխարհային գիտաժողովը որուն բնաբանն էր` ''Ընկերային դաստիարակչական պատասխանատուութիւն.Բովանդակ դերակատարներու յանձնառութիւնը''։
Այս առթիւ Սրբազան Հայրը պատկերասփիւռի միջոցաւ, եթերային կապ հաստատեց խումբ մը անկար աշակերտներուն հետ` (աւելի քան 260 հոգիներ), ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ հրաւիրեց զանոնք ''կերտել կամուրջներ ու ներդաշնակութիւն ստեղծել վերահաստատելու համար ընդհատուած դաստիարակչական դաշինքը''։
Յայտնենք որ "Scholas Occurrentes” դպրոցներու միջազգային ցանցը, ծնունդ առած է Արժանթինի մէջ, Պուէնոս Այրես, այդ ժամանակուայ առաջնորդ` Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի կամքով։ Հաստատութիւնը այսօր կը հաշուէ աւելի քան 400 հազար կրթօճախներ, ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն ու իրարու միջեւ միացած` մարզանքի, գիտութեան ու արուեստագիտութեան միջոցաւ։
Աշակերտները հեռուստատեսիլի միջոցաւ երկխօսութիւն հաստատեցին Քահանայապետին հետ պատմելով իրենց կեանքէն դրուագներ։ Պատանիները հակառակ իրենց անկար վիճակին նկարագրեցին իրենց ապրած բարդ կեանքը, հրաւիրելով ուրիշները չվհատելու, այլ իրենց պէս պայքարելու։
Սրբազան Հայրը անոնց ըսաւ ''ամէն պատանիի մէջ կայ գանձ մը, հարկաւոր է ձեր մէջ գտնուող արկղը բանաք, ձեր գանձը ճանչցնէք ուրիշներուն, որպէսզի ձեր կարգին ուրիշներու գանձը ընդունիք։ Եթէ ձեր գանձը պահէք, ծածուկ, անծանօթ կը մնայ, եթէ իրարու միջեւ բաժնէք գանձը կը կրկնապատկուի։
Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ապա ներդաշնակութիւն ստեղծելու կարեւորութեան մասին, որ է ըսել` կարողութիւնը ուրիշը հասկնալու, տարբերութիւնը ընդունելու ու արժէքաւորելու զանազանութիւնները։ Հուսկ անդրադարձաւ դաստիարակչական դաշինքի մասին, շեշտելով հարկաւորութիւնը ընտանիքի ու ընկերութեան գործօն մասնակցութեան։
Պէտք չէ այս պաշտօնը յանձնել միայն ուսուցիչներուն յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ ` "Scholas Occurrentes”ի նպատակն է ներդաշնակել սիրտի ու միտքի լեզուն ձեռքի լեզուին հետ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գնահատումով հարկաւոր է կնքել դաստիարակչական դաշնագիր մը, բոլորէն յանձնարարուած` յաղթահարելու քաղաքակրթութեան տագնապը։ Ներդաշնակութեան հասնելու համար էական է որ ամէն երկիր փնտռէ, ուսումնասիրէ ու տարածէ ընկերութիւնը կազմող հիմը։ Իտալական մշակոյթը, օրինակի համար, կարող չէ ուռանալ Տանթէն, հիմնաքարը իր մշակոյթին։
Զրոյցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը արժէքաւորեց յատկապէս հնարամտութիւնը ու երեք կարեւոր բառբարներ` ձեռք, սիրտ ու միտք։








All the contents on this site are copyrighted ©.